2012-12-20 13:26:51

2012-ի Տարուան Մարդը` Ըստ «Թայմ»-ի


Ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթը տարուան մարդ ճանչցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որուն լուսանկարը պարբերաթերթին կողքին վրայ զետեղուած է:
Լուսանկարին կից կը ներկայացուի Օպամայի պատմութիւնը, թէ ինչպէս 27 տարի առաջ ան Նիւ Եորքէն Շիքակօ գնաց «Հոնտա» մակնիշի 2 հազար տոլարնոց ինքնաշարժով: «Այժմ ալ Օպամայի տեսքը տեղն է», կը նշէ «Թայմ»` աւելցնելով, որ միայն թէ մազերը ճերմկած են:
Միեւնոյն ժամանակ «Թայմ» կը նշէ, որ քարոզարշաւի վերջին օրերը կրնան փոխել որեւէ, նոյնիսկ ամէնէն փորձառու քաղաքական գործիչին արտաքինը:
«Թայմ»-ի տարուան մարդը դառնալու այլ թեկնածուներն էին Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, ոչ քաղաքական դէմքերէն վիճելի «Փուսի Ռայըթ» ռուսական խումբը, աւստրալիացի արկածախնդիր Ֆելիքս Պաումկարթնըր, հարաւային քորէացի ռափ երաժիշտ Սայ, ընդհանուր առմամբ` 38 անուն:
Նշենք, որ «Թայմ»-ը Օպաման «Տարուան մարդ» ճանչցած էր նաեւ 2008-ին: Իսկ նախորդ «Տարուայ մարդ»-ը դարձած է անյայտ «բողոքարարը», ամսագիրը այդ քայլով ընդգծած է 2011-ին աշխարհի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն կարեւորութիւնը:
Օրեր առաջ «Թայմ»-ի ընթերցողներուն վարկածով «Տարուան մարդ» ճանչցուած էր Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընը: Պէտք է նշել, որ մինչեւ այսօր ընթերցողներուն եւ ամսագիրին կարծիքները չեն համընկնած:








All the contents on this site are copyrighted ©.